2015-02-10 11:56:50

Քաղդէացիներու եպիսկոպոսական սիւնհոդոս` միացնել ոյժերը ազատագրելու բռնագրաւուած հողերը ահաբեկիչներու ձեռքէն։


(Ռատիօ Վատիկան) Իրաքի մայրաքաղաք` Պաղտատ գումարուած Քաղդէացիներու եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոսը վերջ գտաւ անցեալ շաբաթ` 7 Փետրուար 2015-ին, կոչ մը ուղղելով Իրաքի ազգային կառավարութեան ու քրտական ոյժերուն պէտք եղած դրամագլուխներ երաշխաւորելու` օգնութեան հասնելու այն ընտանիքներուն, որոնք ''ՏԱՀեՇԻ'' բռնագրաւումով զրկուեցան իրենց տուներէն ու հողերէն։
Սիւնհոդոսական հայրերը միաժամանակ խնդրած են որ ազգային ու միջազգային ոյժերը` կազմեն մէկ ճակատ, վերագրաւելու կորսուած հողերը ու կարելիութիւն տալու արտահաններուն տուն վերադառնալ ու ապրիլ անվտանգութեան ու արժանաւորութեան մէջ։ Սիւնհոդոսի հայրապետները ապա իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են Քաղդէական լիկայի ստեղծումին ի տես որ - ըսած են անոնք- պէտք է ունենայ քաղաքացիական բնոյթ։
Քաղդէացիներու եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոսի հայրերը հրաւիրած են հաւատացեալները հաւատարիմ մնալու իրենց եկեղեցւոյ ու աւանդութիւններուն եւ մատնանշելով ասորիներու ու քաղդէացիներու արտահանումին ու ջարդին, գործադրուած` երիտասարդ թուրքերու ձեռքով, ճիշտ 100 տարիներ առաջ, սիւնհոդոսը հաստատած է որ ամէն տարի, Զատկուայ առաջին ուրբաթ օրը նուիրուի ու կը կոչուի ''նահատակներու ու հաւատքի խոստովանողներու Ուրբաթ օր'' ոգեկոչելու համար ''ասորիներու ողջակիզումը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.